2014-07-02 10:32:27

Նորին Սրբութիւնը գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզան անուանեց` Մակի Նիւ Եորքի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի նոր մնայուն դէտ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզան անուանեց Մակի Նիւ Եորքի գրասենեակի մօտ Սուրբ Աթոռի նոր մնայուն դէտ։
Գերապայծառ Պերնարտիթոն մինչեւ օրս կը վարեր Հայիթիի մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։ Ան ծնած է Փիլիպեան կղզեխումբի Թալիպոն քաղաքը` 10 Յունիս 1959-ին։
Գերապայծառ Պերնարտիթոն կը յաջորդէ Գերապայծառ Ֆրանսիս Շուլլիքաթին որ անուանուած էր Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ եւ վերոյիշեալ պաշտօնը վարեց` 15 սեպտեմբեր 2010-էն մինչեւ օրս։







All the contents on this site are copyrighted ©.